ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւն․ Որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան անունով

0
1115
Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Կապակցութեամբ
Որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Ամերիկահայութեան անունով:
Սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս եւ Ամերիկահայութիւնը մասնաւորապէս մօտէն կը հետեւին Հայրենիքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ուր խումբ մը ընդդիմադիրներ հանրահաւաքներու, երթերու եւ փողոցային այլ միջոցառումներով կը փորձեն հասնիլ վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականին։ Ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները օգտագործելով՝ բողոքարարները առիթը կ’ունենան ազատօրէն արտայայտելու իրենց տեսակէտները ու զանոնք հասցնելու ժողովուրդին։ Սակայն շատ յաճախ նոյն այդ ցուցարարները կ՛անտեսէն իրենց տեսակէտները չբաժնող քաղաքացիներու իրաւունքները, միջադէպեր կը ստեղծեն իրաւապահներուն հետ, իսկ հարթակէն կը հնչեն այլակարծութիւնը ժխտող, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող ու ատելութիւն սերմանող ելոյթներ։
Անցնող մօտ մէկ ամսուան ընթացքին ընդդիմութեան գործողութիւնները եկան աւելի քան յստակ դարձնելու, որ Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չի բաժներ իրենց տեսակէտները։ Շատեր նոյնիսկ կը պահանջեն, որ իշխանութիւնները դիմեն աւելի կտրուկ միջոցներու` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժելու իրենց իրաւունքը։
Վերջին օրերուն, ընդդիմադիր շրջանակները կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սփիւռքը կը սատարէ իրենց շարժումին եւ որոշ լրատուամիջոցներ ապատեղեկատւութիւն կը տարածեն այդ ուղղութեամբ։
Ելլելով վերոյիշեալէն՝ կ՛ուզենք ընել հետեւեալ յստակացումները.
Ա.- Սփիւռքը միատարր զանգուած չէ եւ չէ եղած երբեք։ Հոն կը գործեն տարբեր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ ժողովրդային շերտեր: Հետեւաբար, որեւէ կազմակերպութիւն իրաւունք չունի խօսելու ամբողջ Սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Ամերիկահայութեան անունով:
Բ.- ԱՄՆ-ի դեսպանին դէմ տարուող արշաւը եւ զայն ետ կանչելու պահանջները չեն ներկայացներ մեր կուսակցութեան եւ Ամերիկահայութեան մեծամասնութեան տեսակէտը։ Մենք կը գտնենք, որ ԱՄՆ-ի դեսպանը լիովին կը կատարէ իր պաշտօնը եւ անաչառօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը։
Գ.- Սփիւռքը, հակառակ իր ներքին բաժանումներուն ու տարակարծութիւններուն, անվերապահօրէն կանգնած է Հայաստանի պետականութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին։
Յարգելով Հայաստանի քաղաքացիին ընտրութիւնը, որ ան կատարեց տարի մը առաջ կայացած ազատ, արդար ու ժողովրդավար ընտրութիւններու միջոցաւ, մենք կը շարունակենք սատարել իշխանութիւններուն ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւններուն, եւ համոզուած ենք, որ անոնք կը բխին Հայաստանի ու Հայութեան ընդհանրական շահերէն։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին
Մայիս 23, 2022
Լոս Անջելըս