Բեմադրիչ պրն Մանուսոս Մանուսաքիսին հետ հանդիպում

0
443
Հոկտեմբերի 5-ին, Յունահայոց Թեմական Խորհուրդը, Յունահայոց Առաջնորդական Տեղապահ Տէր Խորեն Վրդ Առաքելեանը, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Արարատ Մ.Մ.Միութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին ծանօթ բեմադրիչ պրն Մանուսոս Մանուսաքիսին, Քեսարեանիի Վանքը, ուր տեղի ունեցան «Κόκκινο Ποτάμι» հեռուստաշարքի (τηλεοπτική σειρά) նկարահանումները եւ իրեն յանձնեցին, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբապատկերը:
May be an image of 8 people, people standing and outdoors
Յուզումնալից պահ մըն էր բոլորին համար: Յուզուած էր նաեւ պրն Մանուսաքին որը յայտնեց իր երախտագիտութիւնը այս գեղեցիկ քայլին համար:
Նկարահանումի պահուն, գտնուելով քամերաներուն մօտ իր հետ, առիթը ունեցանք դիտելու պատկեր մը որ առնչուած էր 1919-ին տեղի ունեցած Այտընի սգաուտներու ջարդին` չէթէրուն կողմէ:
May be an image of 5 people, people standing, tree and outdoors
Հակառակ պրն Մանուսաքիի ծանրաբեռնուած ծրագրին, իր հետ զրուցեցինք պատմական հեռուսատաշարքի, Յունահայ գաղութի եւ մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութեան մասին եւ խոստացանք որ առիթը պիտի ստեղծենք դարձեալ իրար հանդիպելու:
May be an image of 3 people, people standing and outdoors