Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Պուրճ Համուտի մէջ ՀՅԴ-ի բռնարարքը, ծեծի ենթարկած ընտրական իրենց ցանկին մրցակից ներկայացուցիչը

0
424

Դատապարտում

Պուրճ Համուտի Մէջ Վերջերս Ի Գործ Դրուած Բռնարարքը Կը Վտանգէ Լիբանանահայութեան Բարի Համբաւը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ վերջերս Պուրճ Համուտի մէջ պատահած բռնարարքը, որուն նախաձեռնողները եղած են ՀՅԴ-ի կուսակիցներ, ծեծի ենթարկելով ընտրական իրենց ցանկին մրցակից կողմի մը ներկայացուցիչը:

Սոյն արարքը, ո՛չ միայն պատիւ չի բերէր նախաձեռնող կողմին, այլ նաեւ կը վտանգէ լիբանանահայ համայնքին բարի համբաւը:

Այս ցաւալի երեւոյթը կարեւոր հարցեր կը բարձրացնէ.

  1. Մինչեւ ե՞րբ վերոյիշեալ կուսակցութիւնը Պուրճ Համուտը իր սեփական ագարակը պիտի կարծէ:
  2. Նմանօրինակ ծայրայեղ բռնարարքի մը պատասխանատուն, որ ի վերջոյ ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութիւնն է, նման քայլով մը լիբանանահայութեան պատճառած վարկաբեկումին չափով, իր ղեկավարութեան տարիներուն արդեօ՞ք նպաստած է մեր համայնքին վարկին:
  3. Լիբանանի 2022-ի ընտրութիւններուն նախօրէին  ՀՅԴ-ի Պուրճ Համուտի (Մեթնի ընտրաշրջանի) թեկնածուն, որ նոյն ժամանակ ղեկավարն է Լիբանանի ՀՅԴ-ին, հրապարակային ձեւով ունեցաւ շատ վայրագ բովանդակութեամբ ամբոխավարական ճառեր: Իր խուճապը արտացոլացնող սոյն ճառերը արդեօ՞ք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան տուն տալու Պուրճ Համուտի նշեալ ծայրայեղ բռնարարքին: Հետեւաբար, այս արարքին ուղղակի պատասխանատուն, նոյնինքն նշեալ ղեկավարը չէ՞:
  4. Շրջանառութեան մէջ դրուած բռնարարքին վերաբերող տեսերիզին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանի տարազով անձ մը, որ իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ այս խայտառակութեան: Քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը այս հարցով ունի՞ն արդարացուցիչ:
  5. Լիբանանի ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարարութիւնը, ի՞նչ ունի ըսելիք այս անընդունելի երեւոյթին մասին:

Աւարտին,  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, լիբանանցի իր համաքաղաքացիներուն ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի տուժող կողմին ներողամտութիւնը կը խնդրէ շեշտելով, որ հակառակ առասպելին, ՀՅԴ-ն լիբանանահայութիւնը չներկայացնէր: Քաղաքակիրթ լիբանանահայը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ համամիտ ըլլալ նման բարբարոսութեան, որ իր ազգին մշակոյթին հետ ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ ալ մօտէն առնչութիւն ունի:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ